Խորհրդային Հայաստանի քարտէս՝ 1925-ին

Դոկտ. Արա Սանճեան

Սովորաբար, ուսանողներս կը զգուշացնեմ թէ հեռու գացող դատողութիւններ չընեն հիմնուելով միայն մէկ քարտէսի վրայ՝ առանց անոր տուեալները հաւաստող, զուգահեռ բայց անկախ տեղեկութեան առկայութեան։ Տարիներու փորձով յանգած եմ այն եզրակացութեան, թէ շատ քարտէսներ պարզապէս սխալ գծուած են ու տակաւին կը շարունակուին երբեմն սխալ գծուիլ։

Այդպիսի սխալ գծուած քարտէս մըն է 1930ականներուն Հայաստանի մէջ տպուած հատ մը՝ գունաւոր եւ իր ժամանակին համար տպագրական բարձր որակով, ուր ցոյց կը տրուի թէ Թուրքիան ու Խորհրդային Ատրպէյճանի կազմին մէջ եղող Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան միջեւ իբրեւ թէ այդ տարիներուն հասարակաց (ընդհանուր) սահման չէ եղած (տե՛ս կցուած [այս պարբերութենէն առաջ] քարտէսը)։ Շատեր այս քարտէսին վրայ կը յենին՝ պնդելու թէ Թուրքիա-Նախիջեւան ներկայ սահմանը յառաջացած է միայն 1932 եւ 1937 թուականներուն Թուրքիոյ եւ Պարսկաստանի միջեւ տարածքներու փոխանակութեամբ։ Գաղափարական նախասիրութիւնները պատճառ կը դառնան, որ այս սխալ եզրակացութեան հաւատալ ցանկացողները հետեւողականօրէն անգիտանան հանգուցեալ հայագէտներ Յակոբ Փափազեանի, Բաբկէն Յարութիւնեանի, ինչպէս նաեւ Ճորճ Պուռնութեանի եւ այլոց գիտական յօդուածները թէ այդ սահմանը գոյացած էր 1920-1921-ին։

Այսօր, այլ թեմա մը ուսումնասիրելու ժամանակ, պատահաբար հանդիպեցայ Գահիրէի «Արեւ» օրաթերթի 13 Յունիս 1925-ի թիւին մէջ տպուած Խորհրդային Հայաստանի մէկ այլ քարտէսին, ուր Նախիջեւան-Թուրքիա կարճ սահմանագիծը յստակ նշուած է (տե՛ս «Արեւի» այդ համարին առաջին էջին վերեւի մասը)։ Այս ալ առանձին վերցուած քարտէս մըն է, բայց գոնէ կը համընկնի 1932-էն առաջ Թուրքիա-Նախիջեւան սահմանի առկայութիւնը վկայող այլ գրաւոր տուեալներու հետ։