Նախիջեւանէն զինուորներու մասնակցութեամբ թրքական բանակի Կարսի ռազմափորձերը աւարտած են

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական բանակը Կարսի սահմաններուն մօտ, 4-22 փետրուար կատարեց միջազգային զինավարժութիւններ, որոնք կը վերաբերէին ձմեռնային ու լեռնային ձիւնոտ միջավայրի մէջ իրականացած ռազմական գործողութիւններու։

Զինավարժութիւններուն ներկայ գտնուեցաւ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար, սպայակոյտի նախագահը եւ այլ բարձրաստիճան զինուորականներ։ Անոր որոշ բաժինները ցոյց տրուեցան նաեւ Թուրքիոյ պատկերասփիւռի կայաններէն։
Տրուած ըլլալով որ այս զինավարժութիւնները կը կատարուէին Կարսի մէջ, Հայաստանի սահմանին մօտերը, հայկական աղբիւրներ զանոնք նկատեցին ուժի ցուցադրութիւն։
Ըստ «Էրմենիհապեր»ի՝ Թուրքիոյ կողքին, զօրավարժութեան մասնակցած են 14 երկիրներ, որոնցմէ եօթն իբրեւ դիտորդ: Ռազմափորձին մասնակցած են ցամաքային, ծովային եւ օդային ուժերէն 1446 զինուորներ եւ օգտագործուած են 545 ռազմական ինքնաշարժներ ու 790 զինատեսակներ:
Նաեւ, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն՝ զօրավարժութեան մասնակցած է Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան մէջ ծառայութիւն իրականացնող ատրպէյճանական բանակի ստորաբաժանումներէն մէկը:
Asbarez.com