Ա.Ա.
9 Նոյեմբերին Վլատիմիր Փութինի, Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ կնքուած համաձայնութեան իններորդ եւ վերջին կէտին մէջ կ՛ըսուի։ «Շրջանին մէջ տնտեսական եւ փոխադրութեան բոլոր կապերը կը վերաբացուին։Հայաստան պիտի հայթայթէ փոխադրութեան կապ՝ Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան արեւմտեան շրջաններուն միջեւ։ Փոխադրութեան կապերը պիտի վերահսկուին Դաշնակցային Ռուսիոյ Սահմանապահ Ուժերուն կողմէ։Նաեւ՝ պիտի կառուցուի ցամաքային ուղի մը՝ Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջանները իրարու կապելու համար»։
Այս կէտով՝ Հայաստանի պետութիւնը յանձնառութիւն կը ստանձէ նախ վերաբանալու 1990ական թուականներէն փակուած երկաթուղին, որ Նախիջեւանէն կ՛ուղղուի Ատրպէյճան՝ Մեղրիի վրայով, ապա կառուցելու մայրուղի մը, որ Մեղրին կտրելով՝ Նախիջեւանն ու Ատրպէյճանը իրարու պիտի միացնէ։
Երբ կը խօսինք Նախիջեւանի մասին, մշակութային ճերմակ ցեղասպանութեան մեծագոյն զոհն է, որ ի մտի պիտի ունենանք։ Զոհ մը, որ 1950ական թուականներէն սկսեալ թիրախ դարձաւ ատրպէյճանական եղեռնագործութեան, եկեղեցիներու, մատուռներու, խաչքարերու եւ այլ յուշակոթողներու սիսթեմաթիք բնաջնջմամբ։ Մշակութային այս եղեռնագործութեան նպատակը քաղաքական էր։ Կարելի ամէն ինչ ընել, որպէսզի Նախիջեւանի հայկական դիմագիծն ու պատկանելիութիւնը անհետանայ եւ պէտք է ընդունիլ, որ ատրպէյճանցիները յաջողեցան իրենց ծրագրին մէջ եւ այսօր արդէն իսկ հաստատուած է դառն իրողութիւնը։ 1997-էն մինչեւ 2006, Նախիջեւանի տարածքին ականահարուած, ջարդուած եւ քարակոյտերու վերածուած ու ապա մաքրագործուած են 89 եկեղեցիներ, 5840 խաչքարեր եւ աւելի քան 22 հազար գերեզմանաքար- խաչքարեր, որոնց վերջին խմբաքանակը 2006-ին մաքրագործուեցաւ՝ Հին Ջուղայի միջնադարեան գերեզմանատան մէջ։ Քաղաքականագէտ Սիմոն Մաղաքեան եւ մարդաբան Սառա Փիքմըն, հանգամանօրէն ուսումնասիրելէ ետք բանասէր ու բանահաւաք Արկամ Այվազեանի լուսանկարներու բացառիկ արխիւին ամբողջ հաւաքածոն, ինչպէս նաեւ արբանեակային տեսարանները, պատկերները եւ քարտէսային նիւթերը, հասան այս եզրակացութեան, որուն կապակցաբար նաեւ կ՛ընդունին, որ ներկայացուած թիւերը կրնան իսկապէս բաւական նուազ ըլլալ, որովհետեւ յետին գիւղերու մէջ հնադարեան մատուռներու եւ մշակութային այլ կոթողներու մասին կարելի չէ եղած ճշգրտումներ կատարել։
1965-ին Արկամ Այվազեան 28-ամեայ երիտասարդն էր, որ ռուսական Զենիթ տիպի լուսանկարչական իր սարքով կը լուսանկարէր, կը փաստագրէր եւ կ՛արձանագրէր Նախիջեւանի մէջ գտնուող հայկական եկեղեցիները, խաչքարերը, մշակութային կոթողները եւ այն բոլոր կառոյցները, որոնք անժխտելի ապացոյցներ էին, որ Նախիջեւանը հայկական հզօր պատմութիւն ունեցող տարածք մըն է, որուն կարեւորագոյն քաղաքներէն Ագուլիսը, Վասպուրականի թագաւորութեան ենթակայ բնակեցման վայրերէն մին ըլլալով՝ ծաղկած ու բարգաւաճած է իր հայ բնիկներուն աշխատանքին շնորհիւ։ Իսկ նոր Ջուղան, օրինակի համար, Նախիջեւանի ամէնէն հարուստ շրջաններէն՝ Հին Ջուղայի բնակիչներուն կողմէ Արաքս գետին միւս ափին կառուցուած քաղաքն է, երբ Իրանի շահ աբբասը 1603-ին ազատագրեց Հին Ջուղան օսմանեան լուծէն եւ քաղաք մտնելով՝ արժանացաւ հայկական շռայլ եւ շլացուցիչ ընդունելութեան մը, որուն ընթացքին մանկահասակ պատանիներ ոսկեայ սկուտեղիներու մէջ ոսկեդրամ նուիրեցին շահ Աբբասի։ Իրանցի շահը՝ զգալով,որ պիտի չկարենայ երկարօրէն քաղաքը պաշտպանել օսմանցիներէն, հին ջուղայեցիները բռնագաղթեց Իրան, ուր Արաքս գետի միւս ափին կառուցեց Նոր Ջուղան։
Ուրեմն։ Այվազեան օր մը ոստիկանատուն առաջնորդուեցաւ, երբ կը լուսանկարէր իր հայրենի գիւղին՝ Արինջի մօտակայ հայկական հնամենի եկեղեցի մը։ Լուսանկարը պիտի աւելնար Այվազեանի արխիւին։ Ոստիկանատան մէջ Այվազեան հարցաքննուեցաւ Քա. Կէ. Պէ.-ի ատրպէյճանցի գործակալի մը կողմէ, որ 28-ամեայ երիտասարդը թէյի մը շուրջ հարցաքննեց, եւ անոր թելադրեց «այսուհետեւ նման բան չընել, որովհետեւ հոս հայ գոյութիւն չէ ունեցած»։ Քա․ Կէ․ Պէ․-ի այդ գործակալը չորս տարի ետք՝ 1969-ին պիտի նշանակուէր Ատրպէյճանի Համայնավար կուսակցութեան քարտուղարը։ Հայտար Ալիեւն էր ան։ Իլհամ Ալիեւի հայրը։
Ալիեւները Նախիջեւանցի են։ Խորքին մէջ Ատրպէյճանի քաղաքական եւ տնտեսական ամէնէն ազդեցիկ գերդաստաններուն մեծ մասը Նախիջեւանէն է։ Եւ անոնց հայատեացութեան մաղձին առաջին զոհը նոյնինքն Նախիջեւանը եղած է։ Այս ծիրին մէջ ալ, Դեկտեմբեր 2006-ին վերջին հարուածը տրուեցաւ Հին Ջուղայի հայկական միջնադարեան գերեզմանոցին,ուր անկրկնելի խաչքար-գերեզմանաքարերը ջարդուփշուր եղան ատրպէյճանցի զինուորներու կողմէ։ Իրանցի սահմանապահներ՝ ականատես ըլլալով բարբարոսութեան, կապուեցան Ատրպատականի հայոց թեմի այդ օրերու առաջնորդ լուսահոգի Նշան եպիսկոպոս Թոփուզեանի, որ փութաց սահման եւ արցունքախառն աչքերով դիտեց ու տեսագրեց ահաւոր եղեռնագործութիւնը։ Ատրպէյճանցի զինուորները կը ջարդէին արուեստի գլուխ գործոց խաչքարերը եւ քարերը Արաքս գետ կը թափէին….
….. Արցախի դէմ շղթայազերծուած պատերազմին առաջին իսկ օրերուն թրքական մամուլը լայն տեղ տուաւ Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կապի վերահաստատման նիւթը արծարծող բոլոր յօդուածներուն եւ կեցուածքներուն, որոնց մէջ առաջին հերթին մեծ ուշադրութիւն պէտք է դարձնել ծայրայեղ ազգայնականներու Ազգային Շարժում կուսակցութեան առաջնորդ Տեւլէթ Պահչելիի յայտարարութեան։ Ան «պատմական անհրաժեշտութիւն եւ մահու եւ կենաց խնդիր» համարեց Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ միացումը։ Հոս կ՛արժէ յետադարձ ակնարկով մը անդրադառնալ տասը տարի առաջ Պահչելիի մէկ այլ հակահայ արարքին տրամաբանութեան, որպէսզի առաւել հասկցուի այս թուրք ազգայնամոլին մտածողութեան ամբողջ էութիւնը։
Հոկտեմբեր 8, 2010։ Պահչելի՝ Ազգային Շարժում կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան անդամ աւելի քան քառասուն երեսփոխաններու ընկերակցութեամբ Անգարայէն ուղղուեցաւ Անի, ուր Սուրբ Աստուածածին Մայր եկեղեցւոյ մէջ ուրբաթօրեայ նամազ կատարեց՝ մէկ ամիս առաջ Խաչվերացի տօնին առիթով Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Սուրբ պատարագին դէմ իր դժգոհութիւնն ու բողոքը յայտնելով։ Նամազէն ետք, Պահչելի յայտարարեց, որ պիտի գայ օրը եւ թուրքերը դարձեալ Ֆաթիհ պիտի ընեն եւ պիտի վերացնեն այն բոլոր խոչընդոտները, որոնք կ՛արգելակեն «թուրք մեծ ազգ»-ին միացումը՝ Եգէականէն մինչեւ Ասիոյ խորերը։ Խօսքին տրամաբանութիւնը համաթուրանականութեան ստեղծումն էր, իսկ արգելքը՝ շատ յստակ էր, երբ նման յայտարարութիւն կը կատարուէր հայոց պետականութեան խորհրդանիշ, հազարումէկ եկեղեցիներով մայրաքաղաքին Մայր Տաճարին մէջ։ Սուրբ Աստուածածինը 1064-ին վերածուած էր մզկիթի, երբ Ալփարսլան մտած էր տաճար եւ ծնկաչոք աղօթքէն ետք բարձրացած ու տաճարը Ֆաթհիէ մզկիթին վերածած։ Պահչելի՝ քալելով Ալփասլանի ուղիէն, քաղաքական շատ յստակ պատգամ կ՛ուղղէր հայութեան։Ան նոյն ոճով եւ տրամաբանութեամբ ալ գրեց Հոկտեմբեր 5-ի ,Թուիթըրե-եան գրառումը։ Պահչելի Անիէն կ՛ուղղուէր Նախիջեւան։
Թուրքերը «համաթուրանականութեան դարպաս» կը կոչեն Նախիջեւանը, որուն Ատրպէյճանի հետ կապը կենսական է աշխարհին փորձանք՝ համաթուրանականութեան ստեղծման համար։Թրքական աշխարհ մը, որ կը սկսի Եգէական ծովու շրջանէն ու կը տարածուի մինչեւ Չինաստանի դռները։ Արցախեան հերոսամարտին իբրեւ արդիւնք՝ Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կապը կտրուեցաւ՝ Մեղրիէն։ Ամբողջ աշխարհը խորքին մէջ շնորհակալ եւ երախտապարտ պիտի ըլլար Հայոց Հերոսներուն, որոնք իրենց արեամբ շաղաղեցին համաթուրանականութեան դէմ պարիսպներուն ամրակուռ քարերուն շաղախը։
Վտանգը վերացած կը կարծէինք։ Համաթուրանականութեան դէմ միակ խոչընդոտը՝ Մեղրին, փակած էր իր դարպասները, Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի դէմ, անոնց միացումը արգիլելով։ Ասիկա իսկապէս հրաշալի իրագործում մըն էր։ Բայց….
…. Նոյեմբեր 9-ին Վլատիմիր Փութինի, Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ կնքուած համաձայնութեան իններորդ եւ վերջին կէտին մէջ կ՛ըսուի։«Շրջանին մէջ տնտեսական եւ փոխադրութեան բոլոր կապերը կը վերաբացուին։ Հայաստան պիտի հայթայթէ փոխադրութեան կապ՝ Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան արեւմտեան շրջաններուն միջեւ։ Փոխադրութեան կապերը պիտի վերահսկուին Դաշնակցային Ռուսիոյ Սահմանապահ Ուժերուն կողմէ։ Նաեւ՝ պիտի կառուցուի ցամաքային ուղի մը՝ Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջանները իրարու կապելու համար»։
Այս կէտով՝ Հայաստանի պետութիւնը յանձնառութիւն կը ստանձնէ նախ վերաբանալու 1990-ական թուականներէն փակուած երկաթուղին, որ Նախիջեւանէն կ՛ուղղուի Ատրպէյճան՝ Մեղրիի վրայով, ապա կառուցելու մայրուղի մը, որ Մեղրին կտրելով՝ Նախիջեւանն ու Ատրպէյճանը իրարու պիտի միացնէ։
Այս հարցին կապուած բոլոր չքմեղանքները շատախօսութիւն են։ Մեղրին «հայոց յաղթաթուղթը» սեպելու քաղաքական տհասութիւնն ալ փորձանք պիտի ըլլայ։
hairenikweekly.com